Foto – Just another WordPress site

Toros MEKHSIAN
Belgium, Armenia, Lebanon

 

Personal Data:

I was born in Beirut, Lebanon to Armenian parents. From a very early age, I was attracted to the art of sculpting. I always carried a pocket knife which I used on different pieces of wood I would come across. I also love to draw.

Education:

I attended primary school at the Armenian College of Saint Grégoire l’Illuminateur (Beirut, Lebanon) and graduated from high school at the Lycée Français of Beirut. I then moved to Paris, France where I studied bridge and pavement engineering.

Career path:

After returning to Beirut, I managed a large private library for a decade. When the civil war started in Lebanon, I decided with my fiancé to move to Paris where I worked in interior decoration. I then moved to Riyadh with my wife to undertake several interior design projects for Saudi Arabian sheiks and in parallel managed Cartier boutiques. I remained in Saudi Arabia for 25 years. After retiring in Nivelles, Belgium, I concentrated more on my artwork and converted my garage to a studio. There, I spent years perfecting the art of sculpting and painting producing hundreds of unique pieces.

Exhibitions:

I never wished to sell my sculptures and never thought of exhibiting them either. However, on a few occasions and to please my wife, I participated at the Salon d’Automne at the Sursock Museum (Beirut, Lebanon) and the Waux-Hall (Nivelles, Belgium)

* * * * *

Feeling strongly about my Armenian and Lebanese roots and heritage, it would please me greatly to donate my artwork (sculptures and paintings) to Armenia and Lebanon hoping it would bring beauty and pleasure to those who wish to see them.

 

 

 

ԹՈՐՈՍ ՄԽՍԵԱՆ,
Պելճիքա, Հայաստան, Լիբանան

 

Անհատական տուեալներ:

Անունս՝, Թորոս Մխսեան, ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան: Ծնողներս հայ են. Շատ վաղ տարիքէս զիս կը գրաւէր քանդակագործութիւնը: Հետս միշտ կը կրէի գրպանի դանակ եւ որը յարմար առիթներուն զայն կ’օգտագործէի, փայտի տարբեր կտորներու վրայ: Կը սիրեմ նաեւ նկարչութիւնը:

Կրթութիւն:

Տարրական կրթութիւնս ստացած եմ Պէյրութի՝, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ»՝ հայկական վարժարանը ու ապա աւարտած «Lycee Francais» աւագ դպրոցը: Հետագային   ոխուած եմ Փարիզ ուրտեղ ուսանեցայ ու հմտութիւն ձեռք ձգեցի կամուրջներու յատուկ ճանապարհներու ճարտարագիտութեան:

Ասպարէզային պարապմունք:

Պէյրութ վերադառնալէս ետք ու 10ը յաջորդական տարիներուն ընթացքին մասնայատուկ գրադարանէ մը ներս պաշտօնավարեցի որպէս պատասխանատու տնօրէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհ ու բոհին ու առաւել անգործութեան սարսափին մատնուած՝, այս անգամ հարսնացուիս հետ միասնաբար որոշեցինք կրկին Փարիզ տեղափոխուիլ ուր դիպուածաբար սկսայ զբաղիլ որպէս յարդարիչ՝ զանազան շինութեանց ներքին տեղաբաժիններու յարդարանքի ու սարքաւորման անհրաժեշտ կարիքն զգացուող ու անոնց շուրջ յատուկ գաղափարներ պարունակող-տուող նախագիծ-լուծումներու պատրաստութիւններով: Փաստօրէն սոյն արուեստի կալուածէն ներս բացուող նոր հորիզոններու հետաքրքրականութիւնը, հոգիս ու միտքս համակեց, զայն կէտ նպատակի վերածեց ու անոր շուրջ անդուլ աշխատանքի լծուելէս ու անկէ մեծամեծ փորձառութիւն քաղելէս ետք ասպարէզս շարունակեցի Ռիատ՝ Սաուտական շէյխներու համար 25 երկար տարիներ իրագործելով ու զուգահեռ ստեղծագործելով «Cartier» փոքրախանութներու նորարական համակարգը: Պելճիքայի Նեւելիս քաղաքը տեղափոխուելէս ու թոշակաւորուելէս ետք այժմ աւելի կեդրոնացած եմ իմ արուեստի հարթակին ու ստեղծած ինքնաշխատանոցէս ներս կ’անցնեմ օրերս՝ արուեստի հարիւրաւոր ստեղծագործութիւններ արտադրելով:

Ցուցահանդէսներ:

Երբեք չեմ ցանկացած վաճառել արուեստի գործերս՝ քանդակներ թէ նկարներ ըլլան անոնք, ու ճիշդ անոր համար ալ միշտ խուսափած եմ զանոնք ցուցադրելէ, բացի մէկ անգամէն, ան ալ կնոջս խնդրանքէն ուղղակի թելադրուած, համաձայն գտնւոած եմ մասնակցելու՝ Սուրսոքի թանգարանի Waux-Hall of Nivelles-ի սրահէն ներս իրագործուող ցուցահանդէսին:

* * * * *

Իմ ծնողներէս ու ապա յաճախած վարժարանէս ստացած կրթութիւն-դաստիարակութեան համաձայն.  Հայկական իմ արմատներէն սնած-մեծցած ու ապա լրիւ ազգային պատկանելիութեանս գիտակցութենէն հրահրուած. Աւելին՝ մեր ժառանգականութեան շարունակականութեան խստօրէն հաւատալով, այսօր աւելի քան երբեք, զիս կը ստիպէ ու միաժամանակ հաճոյք կը պատճառէ՝, արուեստի բոլոր գործերս նուիրելու, մայր հայրենիքին առաջարկ-ցանկութիւնս: Մեծապէս յուսալ հաւատալով որ, իմ այս արարք-ընթացքս՝ գեղեցկութիւն, հաճոյք պատճառելէ զատ պիտի հպարտացնէ նաեւ բոլոր անոնց որոնք ապագային, օր մը առիթը կամ փափաքը պիտի ունենան զանոնք մօտէն վայելելու: